Ինչ վիճակի մէջ է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ վերջին շաբաթներու «Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամը» ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Տիարպէքիր՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար այնտեղ տիրող ընդհանուր իրավիճակին: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ պատուիրակութիւնը Պոլիս վերադառնալէն յետոյ հանիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ կառավարութեան փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղուող մարմիններու հետ եւ նախնական համաձայնութիւն ձեռք ձգած հայկական աւերակուած վիճակի մէջ եկեղեցին վերանորոգելու կապակցութեամբ
Նշենք, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին եւ յատկապէս Տիրապէքիրի Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած մարտերէն ետք (Թուրքիոյ բանակային ուժերուն եւ PKK-ի զինեալներուն միջեւ) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ենթարկուած էր ծանր վնասներու:
Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս այդ հատուածներուն մէջ մարտեր չեն ընթանար, եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամի մարմինը նախաձեռնութիւն ստանձնած է վերանորոգել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական մեծագոյն եկեղեցի հանդիսացող Սուրբ Կիրակոսը:
Յիշեցնենք, որ եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորոգուած էր 2012 թ., եւ անոր վերաբացումը տեղի ունեցած էր աշխարհի չորս ծագերէն այդ առթիւ Տիարպէքիր ժամանած բնիկ տիգրանակերտցի հայորդիներու ներկայութեամբ:
Լուսանկարները առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուին շնորհիւ ՝ «Հայ Ձայն»ի Պոլսոյ աղբիւրին:

Haydzayn.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2017
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ