Ինչ վիճակի մէջ է Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին

•

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ վերջին շաբաթներու «Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամը» ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Տիարպէքիր՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար այնտեղ տիրող ընդհանուր իրավիճակին: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ պատուիրակութիւնը Պոլիս վերադառնալէն յետոյ հանիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ կառավարութեան փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղուող մարմիններու հետ եւ նախնական համաձայնութիւն ձեռք ձգած հայկական աւերակուած վիճակի մէջ եկեղեցին վերանորոգելու կապակցութեամբ: 
Նշենք, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին եւ յատկապէս Տիրապէքիրի Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած մարտերէն ետք (Թուրքիոյ բանակային ուժերուն եւ PKK-ի զինեալներուն միջեւ) Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ենթարկուած էր ծանր վնասներու:
Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս այդ հատուածներուն մէջ մարտեր չեն ընթանար, եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամի մարմինը նախաձեռնութիւն ստանձնած է վերանորոգել Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական մեծագոյն եկեղեցի հանդիսացող Սուրբ Կիրակոսը:
Յիշեցնենք, որ եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորոգուած էր 2012 թ., եւ անոր վերաբացումը տեղի ունեցած էր աշխարհի չորս ծագերէն այդ առթիւ Տիարպէքիր ժամանած բնիկ տիգրանակերտցի հայորդիներու ներկայութեամբ:
Լուսանկարները առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուին շնորհիւ ՝ «Հայ Ձայն»ի Պոլսոյ աղբիւրին:

Haydzayn.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2017
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ