ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Պոլսոյ Վճռաբեկ ատեանը մայիս 4ին բեկանած է «Ակօս» թերթին սպառնացած ազգայնամոլները անպարտ արձակելու մասին Պոլսոյ մէկ ատեանին վճիռը՝ պնդելով, որ հայկական թերթին ուղղուած արտայայտութիւնները «ատելութիւն եւ թշնամանք» կը պարունակեն:
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին օրը՝ 2015ի ապրիլ 24ին, Թուրքիոյ ազգայնական կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Պիլալ Կէօքչէյորթ եւ «Թուրանի օճախներ» ազգայնական խմբաւորման ղեկավար Էրճան Ուչար սեւ պսակներ դրած էին «Ակօս»ի խմբագրատան դիմաց, ինչպէս նաեւ երեւան եկած էին թերթին ուղղուած սպառնալիքներ պարունակող յայտարարութեամբ:
Այս առթիւ յարուցուած քրէական գործը քննող Պոլսոյ առաջին քրէական դատարանը անցեալ տարուան նոյեմբեր 18ին մեղադրեալները անպարտ արձակած էր, որմէ ետք «Ակօս» բողոքարկած էր դատարանին այդ որոշումը:
Վճռաբեկ դատարանը, հիմնուելով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դաշինքին վրայ՝ նշած է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ զրպարտութիւնները, ինչպէս նաեւ պատիւն ու արժանապատուութիւնը վիրաւորող խօսքերն ու յայտարարութիւնները, պատերազմ հրահրող, ատելութեան, խտրականութեան, թշնամանքի եւ բռնութեան կոչ պարունակող յայտարարութիւնները կապ չունին արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին հետ, այլ կը գնահատուին իբրեւ յանցանք ու ենթակայ են դատապարտումի:
Վճռաբեկ դատարանի որոշումին մէջ նշուած է նաեւ, որ իրենց յայտարարութիւններով, մեղադրեալները թիրախ դարձուցած են Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով արդար դատավարութիւն պահանջողներն ու «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսը օգտագործողները եւս, ներառեալ՝ «Ակօս»ի աշխատակիցները: Համաձայն դատարանի վճիռին՝ մեղադրեալներու այս արարքը պէտք է դիտուէր Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի՝ հասարակութեան մէջ ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրելու մասին թիւ 216րդ յօդուածի պարունակէն ներս. բան մը, որ Պոլսոյ առաջին դատարանը չէ՛ կատարած:
Asbarez.com




Leave a Reply