Սպանիոյ Քուլերա եւ Իտալիոյ Թոլֆա քաղաքները կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր», «Նիուզ».- Սպանիոյ Վալենսիա նահանգը գտնուող Քուլերա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի չորս կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դատապարտելով մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը եւ յորդորելով Սպանիոյ իշխանութիւններն ու Թուրքիան՝ հետեւիլ այդ քաղաքի օրինակին:

Վալենսիայի «Արարատ» միութիւնը կը հաղորդէ, որ քաղաքապետ Ճորտի Մայոր իր խօսքին մէջ նշած է, թէ իրադարձութիւնները պէտք է կոչել իրենց ճշգրիտ անուններով, եւ շեշտած է, թէ ա՛յն, ինչ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդին հետ 20րդ դարասկիզբին, միայն մէկ անուն ունի, որ «ցեղասպանութիւն» է:

Յատկանշական ելոյթ մը ունեցած է «Փոտեմոս» կուսակցութեան խօսնակը, որ նշած է, թէ Թուրքիա ոչ միայն պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պէտք է հատուցէ վնասները եւ յատկապէս վերադարձնէ հայերուն պատմական հողերը։

Նիստին ներկայ եղած են նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնց անունով Արարատ Ղուկասեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետարանին՝ նշելով, որ Քուլերա դարձած է Սպանիոյ 27րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ըսած է, թէ օրը պատմական է ոչ միայն սպանահայութեան, այլեւ քաղաքի՛ն համար:

Նշենք, որ այս գծով միջնորդագիրը քաղաքապետարանին ներկայացուցած էր «Արարատ» հայկական միութեան Քուլերայի ներկայացուցիչ Հերմինէ Աբրահամեան:

Իտալիոյ Թոլֆա քաղաքի համայնքային խորհուրդը եւս վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը, որուն նախագիծը առաջարկուած էր Հռոմի հայերու «Ասօարմէնի» միութեան կողմէ: Քաղաքապետ Լուիճի Լանտին յայտնած է, որ Հռոմի մօտ գտնուող այդ փոքր քաղաքը միշտ յարգած է հայերը ու անոնց ողբերգական ճակատագիրին յիշատակը: Հայկական համայնքի ներկայացուցիչները քաղաքի իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնած են պատմական ճշմարտութիւնը ճանչցող իրենց այս քայլին համար, միաժամանակ փափաք յայտնելով, որ առաջին քայլին յաջորդեն յիշատակի ձեռնարկներ ու պատմական ուսումնասիրութիւններ:

Այնուհետեւ, քաղաքի գխաւոր այգիին մէջ օծուած է խաչքար մը, զոր օրհնած է Հայց. առաքելայան եկեղեցւոյ հոգեւորական Տիրայր Յակոբեան:

«Միայն ուժեղ պատմական արմատներով ուժեղ ժողովուրդը ունակ է հասկնալու ու զգալու ուրիշներուն վիշտը: Հայ ժողովուրդի խնդիրներէն մէկն է յաղթահարել Ցեղասպանութեան ժխ-տումը: Ատիկա հնարաւոր է միայն աջակցութեամբը այն երկիրներուն, որոնց արժէքներու համակարգին մէջ արդարութիւնը գլխաւոր տեղերէն մէկն է», իր ելոյթին մէջ ըսած է հայր Տիրայր:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2017
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ