Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին (ՀՈւՍԿ) նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան տան մէջ, Մայիս 2-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած «Թուրքիա. նէոօսմանիզմը արտաքին քաղաքանութեան դրօշի ներքոյ» խորագիրը կրող համաժողով մը:
ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` Համաժողովին կը մասնակցէին Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան եւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը, ԻԻՀ խորհրդարանի կրթութեան եւ հետազօտութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Մհամմատ Մեհտի Զահետին եւ այլ պատգամաւորներ, Թեհրանի քաղաքային խորհուրդի նախագահի տեղակալը, Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանային հարցերով իրանցի պատմաբաններ, փորձագէտներ եւ մտաւորականներ: Համաժողողին հրաւիրուած էր նաեւ թուրք մտաւորական եւ լուսանկարիչ Էրհան Արիքը:
Համաժողովին ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Արտաշէս Թումանեան, ԻԻՀ խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան, «Արարատ» կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Վարդան եւ Թուրքիոյ, Կովկասի եւ ԱՄՆ-ի հարցերով փորձագէտ, Իրանի պետական հեռատեսիլի ընտերութեան եւ «Թասնիմ» լրատուական գործակալութեան վերլուծաբան Ֆարշիտ Պաղերեան:
Իր ելոյթին մէջ, դեսպան Թումանեան ընդգծեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը եւ հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման համար պայքարին ուղղութեամբ:
Դեսպանը կարեւոր համարեց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը, որ կ՝արտացոլէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնական կամքը` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման գործին մէջ:
http://www.yerakouyn.com/?p=132334
Leave a Reply