Ալֆրետ Ռիաշի. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պէտք է խզել եւ Թուրքիոյ դեսպանը Լիբանանէն վտարել»

Դաշնակցային մնայուն խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ալֆրետ Ռիաշի կոչ ուղղեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարելու:

Ան շեշտեց, որ Հայոց, ասորիներու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւններէն աւելի քան մէկ դար ետք, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելու եւ անոր բնակչութեան մէկ երրորդը սպաննելու 100-ամեակին առիթով Լիբանանի կառավարութենէն յանդգնութիւն կը պահանջենք:

Ռիաշի կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին թրքական պետութեան հետ յարաբերութիւնները խզելու` յարգելով Լիբանանը բաղկացնող կարեւորագոյն տարրերէն մէկը, դիտել տալով, որ թուրքերը ցարդ չունին այդ քաջութիւնը` ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործած բռնարարքները` լիբանանցիներուն եւ Լիբանանը կազմող հիմնական տարրերէն մէկուն դէմ:

«Անհրաժեշտ կը նկատեմ լուրջ կեցուածքներու որդեգրումը` հեռու մնալով զօրակցական ու մխիթարական խօսքերէն, որոնք ցարդ լուրջ նախաձեռնութիւններու հետ չեն առնչուիր», շեշտեց Ռիաշի:

http://www.aztagdaily.com/archives/346054

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2017
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ