Ռազմական ոլորտէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին համապատասխան՝ մայիս 1-ին, երկու երկիրներու զինուած ուժերուն մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններ սկսած են իրականանալու: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ մայիս 5:
Զօրավարժութիւններուն նպատակն է համակարգել երկու երկիրներու զինուած ուժերուն գործողութիւնները եւ կատարել փորձառութեանց փոխանակում՝ բարձրացնելու համար անոնց համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զարգացնելու համար տարբեր ստորաբաժանումներու պատրաստուածութիւնը եւ գործողութիւններու մասնակցելու անոնց ընդունակութիւնը:
Ռազմափորձերուն կը մասնակցին զրահապատ կառքեր, հրետանային կայաններ եւ ականանետներ, մարտական եւ փոխադրական ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ հրթիռային համակարգեր:
Leave a Reply