Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ իրականացած են

Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ, ապրիլ 21-25, իրականացած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Ապրիլ 21-ին, Փարիզի մերձակայ Մետոն քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած Մետոնի քաղաքապետ, Ծերակոյտի փոխնախագահ Էրուէ Մարսէլը, Շաւիլի քաղաքապետ, Օ-տը-սեն բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Ժան-ժաք Կիյէն, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ ֆրանսահայեր:

Ապրիլ 22-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յարգանքի տուրք մատուցուած է Փարիզի Յաղթական կամարին տակ: Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրողականներու միութեան կազմակերպութեամբ` դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է բազմամարդ քայլերթ Փարիզի Ելիսէյեան դաշտեր կեդրոնական պողոտայով, որուն յաջորդած է ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Այնուհետեւ, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նուագախումբին կատարումով, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի օրհներգերուն ներքոյ՝ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանին կողմէ Յաղթական կամարի յաւէրժական կրակի բորբոքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ապրիլ 23-ին, Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ մատուցուած է բարեխօսութեան կարգ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Օ-տը-սեն բաժանմունքի խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր:

Ապրիլ 24-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ, տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ընդունելութիւն՝ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէն: Ելոյթներով հանդէս եկած են Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Փարիզի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, բազմաթիւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսացիներ եւ ֆրանսահայեր:

Դեսպան Չիտեչեան, իր ելոյթին մէջ, անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտման եւ քրէականացման հարցին, որ կարեւոր է նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային պայքարի տեսանկիւնէն: Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի` անցեալ տարուան Ապրիլին Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակման իրականացման` նշելով, որ անիկա մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ Արցախը երբեւիցէ չի կրնար որեւէ կարգավիճակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ ըլլալ եւ որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը անշրջելի է:

Ապրիլ 24-ին, Փարիզի Երեւանեան պուրակին մէջ` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպութեամբ՝ կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած բազմահազարանոց հաւաք, որուն մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը: Հաւաքին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի 8-րդ շրջանի քաղաքապետ Ժանն տը Օտսեր, Ֆրանսայի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքներէ ժամանած քաղաքապետեր, ֆրանսահայ կառոյցներու ղեկավարներ:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսու Օլանտը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը: Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով՝ Կոմիտասի արձանին այցելած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնը:

Հաւաքի պաշտօնական մասին աւարտէն ետք՝ հազարաւոր մասնակիցներ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ Արցախի ժողովուրդին աջակցութեան կոչերով քայլերթ իրականացուցած են Ելիսէյեան դաշտերով:

Ապրիլ 21-ին, Մարսէյլի մէջ բացուած է Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան հրապարակ, որուն մասնակցած է Մարսէյլի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտենը: Ապրիլ 24-ին, Լիոնի մէջ կայացած արարողութեան մասնակցած են Լիոնի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Գոլոմպը եւ յայտնի հեռուստալրագրող Ֆրանց Օլիվիէ Ժիզպերը:

Ֆրանսահայ կառոյցներու կազմակերպութեամբ` յիշատակի բազմամարդ ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ` Վալանս, Ալֆորվիլ, Կարտան, Սենթ-էդիէն, Մոնդելիմար, Թուլոն, Սթրազպուրկ, Շարանթոն լը Բոն, Անիեր եւ այլ քաղաքներ` Ֆրանսայի պետական եւ տեղական մարմիններու եւ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւնները Ֆրանսայի մէջ պիտի շարունակուին մինչեւ Մայիսի կէսերը:

http://www.yerakouyn.com/?p=131974

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ