ՊՈԼԻՍ.- «Իմ պապերս, անոր սերունդները եւ բոլոր սերունդները դեռ արդարութեան կը սպասեն», յայտարարած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
Ըստ թրքական «Պիրկիւն» թերթին՝ Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ չառերեսուած որեւէ յանցանք կը շարունակէ յանցանք մնալ: «Այդ բոլորին վերջ տալու համար անհրաժեշտ է առերեսում», ըսած է ան:
Նշենք, որ Կարօ Փայլան Ապրիլ 24ին մասնակցած է Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առթիւ տեղի ունեցած շարք մը սգոյ ձեռնարկներուն:
Asbarez.com
Leave a Reply