Չեխիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Չեխիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի, Ապրիլ 25ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ առաջադրուած էր երեսփոխան Ռոպին Պէօնիշի կողմէ։

«Չեխիոյ պարտքն էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քանի որ երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցն էր, այս բանաձեւը վաւերացնելը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի», յայտարարած է Պէօնիշ։

Նշենք, որ Չեխիոյ նախագահ Միլոս Զեման եւս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ին, հայ համայնքին ուղղուած ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համայն աշխարհի պատմութեան մէջ ողբերգական էջ մը նկատելով։

Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Ապրիլ 14ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր վերոյիշեալ բանաձեւը, որուն մէջ նաեւ կը դատապարտուի Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ