Թաներ Աքչամի նոր բացայայտումը

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յօդուած մը հրապարակելով՝ կը ներկայացնէ «Քլարք» համալսարանի դասախօս, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ դար Թուրքիա կը հերքէ հայոց կոտորածներու կազմակերպման գործին մէջ իր դերակատարութիւնը՝ առարկելով, որ յետպատերազմեան դատավարութիւններու ընթացքին քննուած փաստաթուղթերու բնօրինակները չկան»։ Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Աքչամ յայտնաբերած է փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թրքական պետութեան մեղաւորութիւնը:

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը գրէ, որ թուրք պատմաբանը արժէքաւոր փաստաթուղթեր յայտնաբերած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի այն հեռագիրին, որուն հիմամբ Պեհաէտտին Շաքիրի դէմ դատավճիռ արձակուած է: Ապա, այլ փաստաթուղթերու նման անհետացած է արխիւներէն՝ ստիպելով հետազօտողներուն յոյսը դնել միայն օսմանեան պաշտօնաթերթերու ամփոփումներուն վրայ:

Թուրք պատմաբանը յոյս ունի հաւաքագրելու բոլոր անհետացած ապացոյցները եւ փաստ առ փաստ ներկայացնելու զանոնք՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողականութեան: «Իմ խորին համոզումը իբրեւ թուրք այն է, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ կրնան հաստատուիլ միայն պատմութեան առերեսուելով եւ պատմական մեղքերը ճանչնալով», ըսած է Աքչամ:

http://www.yerakouyn.com/?p=131861

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ