Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետ կապուած պահանջագիր ներկայացուցած են Նիտերլանտներու խորհրդարանին: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան, որ քիչ առաջ դուրս եկած էր խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ հանդիպումէն:
«Մեզ ընդունեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Փիթըր Օմտզիխտ, որ յաճախ հանդէս կու գայ ի նպաստ մեր շահերու պաշտպանութեան: Հանդիպման բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ կային: Մենք ներկայացուցինք մեր պահանջագիրը: Մեր հիմնական խնդիրն է, որ Նիտերլանտները վերջին շրջանին մեզի համար տարօրինակ քաղաքականութիւն որդեգրած է` ցեղասպանութեան փոխարէն օգտագործելով ցեղասպանութեան խնդիր բառը: Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ: Մենք նշեցինք, թէ որքան սխալ է այդ քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան պատճառով է, որ Թուրքիան այսօր շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում ունի Նիտերլանտներու հանդէպ: Այն, որ հոլանտացիները կ՛ըսէին չնեղացնենք թուրքերը, չըսենք ցեղասպանութիւն բառը, մեր համոզումով, հակառակ ազդեցութիւնն ունեցաւ»,- ըսած է Մասիս Աբրահամեան:
Ներկայացուած պահանջագիրը պիտի քննարկուի եւ յառաջիկային պատասխան պիտի տրուի: Մասիս Աբրահամեանը լիայոյս է, որ նոր կառավարութիւնը շրջադարձ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ եւ իրերը պիտի կոչէ իրենց անունով:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առիթով Հոլանտայի հայ համայնքը կը ունենայ ձեռնարկներու շաբաթ: Ապրիլ 22ին տեղի պիտի ունենայ ցոյց Ամսթերտամի մէջ: Մասիս Աբրահամեան նշած, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն սկսած` ձեռնարկներուն մեծ թիւով հայեր կը մասնակցին: Արդէն պայմանաւորուածութիւն կայ ոստիկանութեան հետ, ճշտուած են այն փողոցները, ուրկէ պիտի անցնի քայլարշաւը: Մասնակիցները երթով պիտի շարժուին Ամսթերտամի ցոյցերու հաւաքատեղի` հրապարակ: Հանրահաւաքին պիտի մասնակցին ականաւոր դէմքեր, ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ջատագովներ: Յիշատակի միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան ապրիլ 23-ին, 24-ին:
http://www.yerakouyn.com/?p=131322
Leave a Reply