Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ Ռոտ Այլընտի մէջ

ՊՈՍԹԸՆ, «Հայրենիք».- Ապրիլ 13ը եղաւ պատմական օր մը Ռոտ Այլընտի հայութեան համար: Արդարեւ, յատուկ բանաձեւով մը, տեղւոյն նահանգային խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Միաժամանակ, նահանգը ճանչցաւ Հրեաներու Ողջակիզումը:

Այս երկու բանաձեւերը արդիւնքն էին ներկայացուցիչներ Քեթրին Գազարեանի եւ Արոն Ռուկընպըրկի հետեւողական աշխատանքներուն: Խորհրդարանի խօսնակ Նիքըլաս Մաթիէլօ յայտնեց, թէ այս բանաձեւերը միաձայնութեամբ վաւերացուեցան:

Նիստին ներկայ էին տեղի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւները եւ Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Անի Հարոյեան: Իսկ Եռագոյն դրօշի ծածանման հանդիսութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ տեղւոյն ՀՄԸՄի սկաուտներուն մասնակցութեամբ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ