Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Սողոմոն Թեհլերեանի անունով, որ 1921-ի մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ գնդակահարեց Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թալէաթ Փաշան:
Հրապարակի բացումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 21-ին: Հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցին Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտին, շարք մը հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կը յայտնէ Armenian Weekly-ն:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Մարսէյլի քաղաքապետարանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը:
1921-ին Թեհլերեան մասնակցած է Դաշնակցութեան Նեմեսիս գործողութեան` առաջադրանք ստանալով սպանել Եղեռնի գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Նոյն տարուան մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ ան կը գնդակահարէ Թալէաթը եւ կը ձերբակալուի: Սակայն 1921-ի յունիս 2-ին գերմանական դատարանը անմեղ կը ճանչնայ զայն:
Leave a Reply