Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէին նախօրեակին կատարուած հարցախոյզներուն արդիւնքները կտրուկ փոփոխութիւններու ենթարկուած են:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ գործող «Կեզիճի» հետազօտական կեդրոնին հրապարակած վերջին տուեալներուն համաձայն, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւններու ընդլայնման «Այո» պիտի քուէարկէ քաղաքացիներուն 51,3 առ հարիւրը: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն «Ոչ» պիտի քուէարկէ 48,7 առ հարիւրը:
Նշենք, որ մինչ այդ կատարուած հարցախոյզներուն արդիւնքները կը վկայէին իշխանութիւններու առաջարկած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ նախագիծի տապալման մասին:
Leave a Reply