Ֆրանսայի Փերփինիան քաղաքին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Արեւելեան Փիրենեաններու նահանգի վարչական կեդրոն Փերփինիան քաղաքին մէջ, այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով՝ պիտի ոգեկոչուի Ապրիլ 24-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը՝ վկայակոչելով l՛Independant թերթը։

Վերջինս զրոյց մը ունեցած է շրջանի հայոց «Հայաշէն» ընկերակցութեան նախագահ Սարգիս Սիմոնեանի հետ: Ըստ անոր՝ Փերփինիանի մէջ կ՛ապրի շուրջ 200 հայ ընտանիք:

«Կարեւոր է փորձել կապ պահպանել մեր արմատներուն հետ, նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել եւ հոս՝ Փերփինիանի մէջ, կատարել արարողութիւն մը»,- ըսած է Սիմոնեան եւ աւելցուցած, որ Ապրիլ 24-ին կը յուսայ 200-250 հոգիի ներկայութիւնը: Ան տուած է նաեւ ոգեկոչման արարողութեան յայտագիրը՝ նշելով, որ կը յուսայ գալ տարի ոգեկոչումը կազմակերպել խաչքարի մը առջեւ եւ բացատրած է, թէ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը վարուին քաղաքապետարանին հետ՝ ճշդելու համար յուշակոթողի զետեղման վայրը:

Սիմոնեան նաեւ յայտնած է, թէ մօտ օրէն պիտի ունենան գրասենեակ մը: Ընկերակցութիւնը կը ծաւալէ մշակութային եւ դաստիարակչական գործունէութիւններ, կը մատուցէ ընկերային եւ իրաւաբանական ծառայութիւններ, կ՛օգնէ հանգստեան կոչուածներու եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ կարօտեալներու. «Եւ ո՛չ միայն Հայերուն», ընդգծած է Սիմոնեան՝ աւելցնելով. «Քանի որ ընկերակցութի՛ւն ենք, եւ ոչ՝ համայնք: Եթէ որեւէ ընտանիք թակէ մեր դուռը, մեր պարտականութիւնն է օգնել անոր»:

http://www.yerakouyn.com/?p=131029

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ