ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Էրզրումի մէջ գրաւած է սպանացի նշանաւոր արուեստագէտ Փիքասոյի իւղաներկ գործերէն մէկը, որ կը կարծուի, թէ գողցուած է Իրաքի Պետական թանգարանէն։ Փիքասոյի իւղաներկին հետ միասին, գրաւուած են նաեւ վաղեմի Եգիպտոսէն նշանագիր արձանագրութիւններով երեք գծագրութիւններ։ Նաեւ, ձերբակալուած են երեք անձեր, որոնք կը փորձէին այս բոլորը 5 միլիոն տոլարի ծախել։
Asbarez.com
Leave a Reply