Քոնկրեսականները Թրամփին կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղարկուած է 84 քոնկրեսականներու կողմէ ստորագրուած նամակը, որով անոր կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնի համաձայն, պէտք է հաշուի առնել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու յառաջամարտիկ ըլլալը եւ այս տարի նախագահի ուղերձին մէջ 1915-ին կատարուածը պատշաճօրէն պէտք է բնութագրել իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Աւելի քան 100 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ժամանակն է ճանչնալու հայերուն դէմ գործուած վայրագութիւնները` զանոնք յստակօրէն կոչելով իրենց անունով` ցեղասպանութիւն: Ատիկա կրնայ ըլլալ հզօր յայտարարութիւն նախագահ Թրամփի կողմէ իր նախագահութեան առաջին փուլին` յիշելով 1,5 միլիոն հայերը, որոնք օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անմեղ զոհերն էին», ըսած է ան:

Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Անկեղծօրէն եւ ճիշդ առաջնորդելով ցեղասպանութեան յիշատակման գործը` դուք պէտք է հետեւիք նախագահ Ռիկընին, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 1981-ին, եւ Այզնհաուրի վարչակազմին, որ նոյնը ըրաւ 1951-ին` գործը ներկայացնելով Արդարադատութեան միջազգային դատարան»:

Իր նախագահութեան տարիներուն Ռոնըլտ Ռիկըն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ Ողջակիզումի դասերը երբեք պէտք չէ մոռցուին, ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեանը, որ տեղի ունեցաւ մինչ այդ, եւ Քամպոտիոյ ցեղասպանութեանը, որ յաջորդեց ատոր:

http://www.aztagdaily.com/archives/343847

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ