Էրտողան հրապարակաւ խոստովանած է 100 տարի առաջ Թուրքիոյ գործած ոճիրները

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ, ըստ թրքական «Տիքեն» լրատուական կայքին, անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժողներուն՝ ըսած է. «Կը յիշէ՞ք անոնք, զորս ծով կը նետէինք 100 տարի առաջ: Անոնց պաշտպանները այսօր «ոչ» կ՛ըսեն եւ իրենց ձիերն ու շուները կը ձգեն «այո» ըսողներուն վրայ»:

Իր համոզումով՝ կառավարման նախագահական համակարգին դէմ եղողները Թուրքիոյ թշնամիներն են:

Էրտողան նաեւ յայտարարած է, թէ «իսկական հիւանդը» Եւրոպա՛ն է: Ըստ իրեն՝ Եւրոպայի տնտեսութեան վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ: «Անոնք վարակուած են ցեղամոլութեան վարակով: Այս անգամ անոնց վիճակը ծանր պիտի ըլլայ», համոզուած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան նաեւ յայտնած է, թէ եւրոպական երկիրները ճնշում կը գործադրեն ծագումով թուրք քաղաքացիներուն վրայ: Ան սպառնացած է, որ Ապրիլ 16ի հանրաքուէէն ետք, Եւրոպան պատասխա՛ն պիտի տայ իր այդ կեցուածքին համար:

Յիշեցնենք, որ ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան՝ 1922-1923 թուականներուն, քեմալական շարժումին ժամանակ, թուրքերը Պոսֆորի ջուրեր նետած են «քրիստոնեայ զաւթիչները»՝ իբրեւ կայսերապաշտ բռնակալութեան դէմ պայքարի դրսեւորում (Էրդողանը նկատի է ունեցել նաև 1922 թ. սեպտեմբերին Զմյուռնիայում քեմալական զորքերի կողմից հայերի և հույների դեմ իրագործված ոճիրները-Ակունքի խմբ.):

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ