Եւրոմիութեան ու Թուրքիոյ համատեղ նիւթական միջոցներով, ականազերծման աշխատանքներ սկսած են Թուրքիոյ այն տարածքներուն մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի։
«Միլլիյէթ»-ը, հաղորդելով այս լուրը՝ կը գրէ, որ ականազերծման աշխատանքները սկսած են Արարատ լերան ստորոտէն, ու կը նախատեսուի զանոնք իրենց աւարտին հասցնել երկու տարուան ընթացքին։ Թերթը կը նշէ, թէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Իրանի հետ սահմաններուն վրայ՝ թրքական կողմը, կան մօտաւորապէս 220,000 ականներ։
Leave a Reply