Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան իր հօր՝ Զարեհ Մութաֆեանի նուիրուած ֆիլմը պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան իր նկարիչ հօր՝ Զարեհ Մութաֆեանի, նուիրուած վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Նշեալ մէկ ժամնոց ֆիլմը բեմադրուած է Արթօ Փեհլիվանեանի կողմէ՝ 2015ին։ Անիկա կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Յունաստանի որբանոցներէն Իտակիա հասած, նկարչութիւն սորված եւ շրջան մըն ալ Զուիցերիա ապրելէ ետք Ֆրանսա հաստատուած Զարեհ Մութաֆեանի (1907-1980) կեանքն ու գործը։

Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան մօտաւորապէս 40 տարի ուսողութիւն դասաւանդած է Ֆրանսայի եւ աշխարհի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններու մէջ: Սակայն, ան միշտ յատուկ սէր ունեցած է պատմութեան նկատմամբ եւ անկէ մղուած՝ ուսումնասիրած ու հրատարակած է Հայաստանի նուիրուած շարք մը հատորներ, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ՝ «Սորպոն» համալսարանի, Վատիկանի եւ զանազան այլ սրահներու մէջ: Ան մասնագիտացած է յատկապէս միջնադարեան պատմութեան մէջ ու 60 տարեկանին ստացած է պատմութեան ճիւղին մէջ իր դոկտորայի վկայականը՝ իբրեւ աւարտաճառ ունենալով Հայկական Կիլիկիան:

Մուտքը ազատ է։ «Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-0611 begin_of_the_skype_highlighting (818) 241-0611 end_of_the_skype_highlighting թիւին կամ noor@abrilbooks.com եւ armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2017
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ