ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Պլումպըրկ».- Մարտ 29ին, Թուրքիոյ պետական «Հալքպանք» դրամատան բաժնետոմսերուն արժէքը մօտաւորապէս 20 տոկոսի անկում կրեց՝ 575 միլիոն տոլարի վնաս պատճառելով դրամատան, ինչպէս նաեւ պետութեան վարկին։
Այս վարկաբեկումին պատճառը այն է, որ նախընթաց օրը, Ամերիկա մուտք գործելու պահուն, Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ «Հալքպանք» դրամատան փոխտնօրէն Մեհմետ Հաքան Աթիլլան, որ կը մեղադրուի իրանցի-թուրք գործարար Ռոզա Զարրապի ու քանի մը այլ պաշտօնատարներու հետ ամերիկեան դրամատուները օգտագործելու եւ հակառակ Իրանի դէմ հռչակուած շրջափակման՝ Իրանին դրամական փոխանցումներ կատարելու յանցանքով։
«Հալքպանք»ի փոխտնօրէնը մարտ 28ին դատարանին առջեւ կանգնեցաւ ու դատաւորը որոշեց, որ ան բանտարկուած մնայ մինչեւ յաջորդ դատական նիստը՝ Ապրիլ 10։ Արձակուած վճիռին համաձայն, Աթիլլա եւ Զարրապ միասնաբար ամերիկեան ելեւմտական համակարգը շահագործելով եւ կեղծ փաստաթուղթեր պատրաստելով՝ իրենց բուն նպատակը գաղտնի պահած են եւ միլիոնաւոր տոլարի փոխանցումներ ապահոված են Իրանին ու իրանեան հաստատութիւններուն։
Զարրապ անցեալ տարի ձերբակալուած էր Ամերիկայի մէջ ու իր դատավարութիւնը կը շարունակուի տակաւին։
Աթիլլայի ձերբակալութենէն ետք, Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպեքճի յայտարարեց, որ Ամերիկա «անվայել» քայլ մը առած է այս ձերբակալութեամբ։ «Ամերիկեան պատկան մարմինները, այսպիսի քայլ մը առնելէ առաջ, պէտք է տեղեակ պահէին մեզ», նշեց ան եւ աւելցուց, որ մանաւանդ Ապրիլ 16ին կայանալիք հանրաքուէին սեմին, այսպիսի զարգացում մը զգայացունց հանգամանք ունի Թուրքիոյ համար։
Asbarez.com
Leave a Reply