ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ յատուկ յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղած է գործընկերներուն յստակօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ կողմ քուէարկելով իր եւ քոնկրեսական Տէյվիտ Թրաթի համահեղինակութեամբ մարտ 23ին ներկայացուած բանաձեւին:
Շիֆի յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Աւելի քան մէկ դար առաջ, մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին: Ամերիկան պէտք է բարձրացնէ իր ձայնը եւ յստակօրէն խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն մասին ու դատապարտէ մարդկութեան դէմ բոլոր ոճրագործութիւնները, եթէ կ՛ուզենք հաւատարիմ մնալ մեր բարոյական եւ պատմական առաքելութեան: Ես միացած եմ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Թրաթին եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի միւս գործընկերներուս՝ ներկայացնելով երկու կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը վայելող բանաձեւը, որ պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս պարզ կը նշէ մեր օրէնքին նախագիծը, մենք չենք կրնար պայքարիլ մեր օրերու ցեղասպանութիւններուն դէմ, ինչպէս՝ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները, եթէ միայն որոշ ահարկու դէպքերը ճանչնանք, սակայն այլոց պարագային խուսափինք պատասխանատուութենէ, պարզապէս՝ որովհետեւ անոնք կրնան մեզմէ հեռացնել ընկեր մը կամ թշնամի մը»:
Asbarez.com
Leave a Reply