Ցեղասպանութեան եւ մարդասիրութեան նուիրուած ներկայացում Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, ապրիլ 4-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուաթընփաուի կողմէ «Խեղդուածները, փրկուածներն ու մոռցուածները. Ցեղասպանութիւնն ու արդի մարդասիրութեան հիմերը» («The Drowned, the Saved and the Forgotten: Genocide and the Foundations of Modern Humanitarianism») նիւթով ներկայացումը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Սոյն ձեռնարկը մաս կը կազմէ Հայագիտական ծրագիրի գարնանային դասախօսութեանց շարքին եւ կը հովանաւորուի «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին կողմէ:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղի դասախօս դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուաթընփաու հեղինակն է «Քարերէն Հաց» («Bread from Stones») հատորին, ուր ան կը քննէ մարդասիրական հակադարձութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։

Ներկայացման մուտքը ազատ է:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 begin_of_the_skype_highlighting (559) 278-2669 end_of_the_skype_highlighting թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

http://www.yerakouyn.com/?p=129954

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ