Յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնամ Պոլիս եւ պիտի վերստանձնեմ տեղապահական պարտաւորութիւններս. Գարեգին արք. Պէքճեան

ՊՈԼԻՍ.- Մինչ պատրիարքական աթոռին շուրջ ստեղծուած պղտոր վիճակը կը շարունակուի, ընտրեալտեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան Մարտ 24ին Քէօլնէն լուսաբանութիւն մը ուղարկեց պոլսահայ մամուլին: Սրբազանը այդ լուսաբանութիւնը հրապարակեց թէ՛ մամուլին համար եւ թէ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնելու առաջադրութեամբ: Ըստ պոլսահայ «Ժամանակ» օրաթերթին՝ Գարեգին արք. Պէքճեանի լուսաբանութեան մէջ գրուած է հետեւեալը.

«Սիրելիներ,

Պատրիարքական տեղապահ ընտրուելէս քանի մը օր ետք Գերմանիա վերադարձս կարգ մը հարցումներ յառաջացուցած է մամուլին եւ հանրութեան մէջ: Այս առթիւ կը փափաքիմ մամլոյ միջոցաւ մեր հանրութեան փոխանցել հետեւեալը.

  1. Տեղապահական ընտրութիւններէն առաջ բնականաբար չէի կրնար արդէն գիտնալ, թէ տեղապահ պիտի ընտրուիմ: Հետեւաբար, ընտրութիւններուն առիթով ես Պոլիս եկած էի միայն քանի մը օրուան համար:
  2. Տեղապահ ընտրուելէն բացի, ես եմ ու կը մնամ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը: Թեմին մէջ ունիմ լիազօր փոխանորդ մը, այնուհանդերձ կային եւ կան նախապէս ճշդուած առաջնորդական, միջեկեղեցական եւ անձնական կարգ մը ժամադրութիւններ, որոնք իմ կողմէն պէտք է յարգուին եւ պայման է անոնց՝ անձնական ներկայութիւնս: Այդ պատճառով ալ ստիպուեցայ տեղապահական ընտրութիւններէն քանի մը օր ետք Գերմանիա վերադառնալ:
  3. Եկեղեցական մեր կանոններուն համաձայն եւ ընկալեալ սովորութեամբ, երբ պատրիարք, տեղապահ կամ առաջնորդ մը որոշ ժամանակի համար կը բացակայի իր քաղաքէն, կը նշանակէ փոխանորդ մը, որ իր բացակայութեան կը փոխարինէ զինք ու կը ստանձնէ որոշակի պարտականութիւններ: Սահակ սրբազանին իմ կողմէ տեղապահի փոխանորդ նշանակուիլը պէտք է տեսնել եւ հասկնալ այս լոյսին ներքեւ:
  4. Ես յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնամ Պոլիս եւ պիտի վերստանձնեմ տեղապահական պարտաւորութիւններս՝ բնակութիւն հաստատելով պատրիարքարանին մէջ: Այս մասին գրաւոր տեղեակ պիտի պահեմ նաեւ Արամ եւ Սահակ սրբազանները»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ