Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս Պոսթընի մէջ պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը։ Մասաչուսեթցի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կոմիտէին նախաձեռնած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23-ին, կ.ե. ժամը 3-ին, Հայոց Ժառանգութեան պուրակին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ The Armenian Weekly-ն:
Այս տարուան ձեռնարկը պիտի կեդրոնանայ արուեստի, ծառայութեան, գիտութեան եւ փոխանակութեան վրայ՝ հաշուի առնելով, որ այս չորս սիւները կը հանդիսանան Հայոց Ժառանգութեան պուրակին վերացական քանդակները:
Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Խաժակ Պարսամեան, Միտըլսեքս աւանի շէրիֆ Փիթըր Քութուճեանը եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էւընսը:
Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Սայաթ Նովա» պարախումբն ու ջութակահար Սէմի Անտոնեանը:
Մասաչուսեթցի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կոմիտէին նպատակն է յարգանքի տուրք մատուցել 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին՝ անոր ընդմէջէն արտացոլելով այն դասը, որ անիկա ունեցած է մեր այսօրուան կեանքին մէջ։
http://www.yerakouyn.com/?p=129735
Leave a Reply