Թրաթ եւ Շիֆ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլող բանաձեւ կը ներկայացնեն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսականներ Տէյվիտ Թրաթ եւ Էտըմ Շիֆ, համագործակցութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի իրենց գործընկերներուն՝ մարտ 22ին ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասեր քաղելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թրաթին եւ Շիֆին, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի մնացեալ անդամներուն ու բանաձեւը հովանաւորողներուն, ներառեալ՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Էլիըթ Էնկըլին, որոնք համոզում յայտնած են, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն քաղուած դասերը պէտք է ամերիկեան իշխանութիւնները առաջնորդեն ապագայ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնելու ջանքերուն մէջ։

Բանաձեւը համահովանաւորող քոնկրեսականներուն ցանկը եւ բանաձեւը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/161540 կայքէջին վրայ։

Բանաձեւի ներկայացման զուգահեռ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմը քոնկրեսականներուն ներկայացնելու արշաւի մը նախաձեռնած է։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ