Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցում` Քըլըճտարօղլուին

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի ընտրարշաւին ընթացքին այցելած է Տենիզլի, որուն Չարտաք գիւղաքաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ զրոյց ունեցած է տեղացիներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա» թերթը՝ նշելով, որ տեղացիներէն մէկը անակնկալ հարցում մը ուղղած է Քըլըճտարօղլուին` ուզելով գիտնալ, թէ Գերմանիոյ մէջ Քըլըճտարօղլու ինչո՞ւ սեղմած էր ձեռքը Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրին, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քըլըճտարօղլու պատասխանած է, որ ատիկա շատոնց տեղի ունեցած դէպք է, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք` ինք Էօզտեմիրին հետ կապ չէ ունեցած: «Չեմ հասկնա՛ր. ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով այս հարցումը կ՛ուղղէք ինծի», աւելցուցած է Քըլըճտարօղլու: Մամուլը կը հաղորդէ, որ տեղացիները այդ հարցումէն ետք սրճարանէն դուրս հանած են հարցում ուղղողը, որուն անունը չէ հրապարակուած:

http://www.yerakouyn.com/?p=129622

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ