ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Չորեքշաբթի, 15 մարտին կայացաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին քայլը՝ տեղապահի ընտրութիւնը:
Տեղապահ ընտրուեցաւ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքչեանը: Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, միջամտեց պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին՝ տեղապահի ընտրութիւնները համարելով «իրաւականօրէն» անընդունելի: Նահանգապետարանի միջամտութեան առնչութեամբ՝ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ընտրուած տեղապահ Պէքչեանը:
Ընտրութիւններու արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, Արամ արք. Աթէշեան լրագրողներուն եւ ներկաներուն բաժնած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելը իրաւականօրէն անհնա՛ր է:
Հակազդելով նահանգապետարանի այս միջամտութեան, նորընտիր տեղապահը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր ան նշած է, որ Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքութիւնը ներկայացնող խումբ մը անձնաւորութիւններու հետ պիտի այցելեն նահանգապետարան:
«Ես նահանգապետարան պիտի չերթամ: Այցին ընթացքին մերինները տեղապահի ընտրութիւններու տրամաբանութիւնը պիտի բացատրեն: Այնուհետեւ յայտարարութիւն պիտի կատարուի: Ասիկա քանի մը օր պիտի տեւէ, եւ ես այդ ընթացքին այստեղ պիտի ըլլամ», յայտնած է Պէքչեան:
Asbarez.com
Leave a Reply