Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի թեկնածու Սահակ Եպս. Մաշալեան հանած է իր թեկնածութիւնը

ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան յայտարարած է, որ 15 Մարտին կայանալիք տեղապահի ընտրութիւններէն իր թեկնածութիւնը պիտի հանէ: Ան կոչ ըրած է ընտրութեան մասնակցող հոգեւորականներուն՝ իրենց ձայնը տալու Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանին:

«Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտ Տանձիկեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Մաշալեան բացատրած է որոշումը՝ նշելով, որ իր հրաժարականի դիմումին մէջ կատարած կոշտ գնահատականները կրնան որոշ հոգեւորականներ բարկացուցած ըլլալ:

Ըստ Մաշալեանի՝ այդ հանգամանքը կրնար ազդել քուէարկութեան վրայ՝ Արամ արք. Աթէշեանին հնարաւորութիւն տալով տեղապահ ընտրուիլ:

«Այդ պատճառով կ՛ըսեմ, որ տեղապահի ընտրութիւններուն զիս չընտրեն, այլ զիս ընտրել ուզողները իրենց ձայները Գարեգին արք. Պէքճեանին թող տան: Ժողովուրդին մասին թող մտածեն: Քիչ մըն ալ թող իրենց պատիւը փրկեն»:

Հաշուի առնելով անցեալի դառն փորձառութիւնը, Մաշալեան եպիսկոպոս կասկած ունի, որ Արամ արք. Աթէշեանի տեղապահ ընտրուելու պարագային պատրիարքի միւս թեկնածուներուն համար քարոզչութեան հաւասար պայմաններ պիտի ստեղծուին: Առ այդ, Գարեգին սրբազանը այդ պաշտօնին աւելի արդար, անկողմնակալ թեկնածու կը դիտուի:

Մաշալեան նշած է նաեւ, որ տեղապահի թեկնածութիւնը հանելու մասին պիտի յայտարարէ 15 Մարտին կայանալիք կրօնական ժողովին, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի տեղապահը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ