Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքի իշխանութիւնները հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող կանգնեցնելու առաջարկը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտնած են գերմանական լրատուամիջոցները:
Պրուք Լեմպահեր Վէկ շրջանին մէջ գտնուող գերեզմանատան մէջ տեղադրուելիք յուշարձանը պիտի ունենայ խաչի տեսք, իսկ վրան պիտի ըլլայ հետեւեալ գրութիւնը` «Ի յիշատակ 1915/1916 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն»:
http://www.yerakouyn.com/?p=129068
Leave a Reply