Թրքական Harp Arge ընկերութիւնը Ատրպէյճանին վաճառած է Drone Killer սպառազինութեան համակարգը, որ նախատեսուած է անօդաչու թռչող սարքերը ոչնչացնելու համար, յայտնում է 1in.am-ը ՝ վկայակոչելովTrend գործակալութիւնը:
Կը նշուի, որ տուեալ գործարքը Ատրպէյճան ռազմական համակարգեր արտահանելու Harp Arge ընկերութեան առաջին փորձն է:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ սպառազինութեան այս համակարգը յաջող կերպով փորձարկուած է ատրպէյճանական ուժային կառոյցներուն մէջ: Անօդաչու թռչող սարքերու ոչնչացման համար նախատեսուած Drone Killer զէնքը կը կիրառուի գերարագ ելեկտրամագնիսական խափանումներ` 2.4 եւ 5.8 հերց յաճախականութեամբ, որպէսզի խախտէ անօդաչու սարքի եւ կառավարման կեդրոնի միջեւ կապը:
http://www.yerakouyn.com/?p=128914
Leave a Reply