Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ցուցադրուի «Թրայպեքա» փառատօնին

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ոչնչացնելու Մմտադրութիւն» (Intent to Destroy) խորագիրով վաւերագրական ֆիլմըորուն հեղինակն է ամերիկեան հեղինակաւոր «Էմմի» մրցանակի դափնեկիր, յայտնի վաւերագրող Ճօ Պերլինկըր, առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Նիւ Եորքի «Թրայպեքա» (Tribeca FilmFestival) փառատօնին:

«Պերլինկըր՝ «Խոստումը» ֆիլմի նիւթին հիման վրայ, կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ու անոր ռազմավարական գործընկերներուն մասին», կը յայտնէ 168.am-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան Entertainment Weekly պարբերականը:

Կը նշուի, որ ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում վաւերագրական ֆիլմի հեղինակին հետ։ Քննարկման պիտի կը մասնակցին նաեւ System of A Down ռոք խումբի երգիչ Սերժ Թանքեան, «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիք Իսրայէլեան եւ «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր Փիթըր Պալաքեան:

«Թրայպեքա» փառատօնի հիմը դրուած է 2002ին յայտնի դերասան Ռապըրթ տէ Նիրոյի կողմէ:

Փառատօնը այս տարի պիտի սկսի Ապրիլ 18ին, Նիւ Եորքի մէջ, եւ պիտի տեւէ մինչեւ ամսուան վերջը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ