Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ֆրանսայի համար յիշեցում է, որ միջազգային հանրութիւնը երբեք չի կրնար ընդունիլ որեւէ ժողովուրդի ոչնչացումը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ նման յայտարարութեամբ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք հանդէս եկած է Ֆրանսայի նախագահ Օլանտ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մենք մշտապէս դիտարկած ենք իբրեւ խաղաղութեան հաստատման քայլ. խաղաղութիւն մենք մեր հետ, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն երկիրներու միջեւ: Մենք մշտապէս դիտարկած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը աւելի համաշխարհային ծիրի մէջ, որ կը դրսեւորուի անով, որ մենք ուշադրութիւն կը դարձնենք մարդկութեան դէմ բոլոր յանցագործութիւններուն եւ պատերազմի յանցագործութիւններուն»,- շեշտած է Ֆրանսայի Նախագահը:
Այս ծիրէն ներս՝ Ֆրանսուա Օլանտ յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով իր այցը Երեւան, որ անոր համար եղած է շատ յուզիչ։ «Ես կ՝ուզէի իմ ներկայութեամբ հաստատել, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին»,- ընդգծած է Օլանտ:
Leave a Reply