Սուրիոյ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը

Սուրիոյ խորհրդարանի փետրուար 23-ի նիստին ընթացքին, Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ բժիշկ Սամիր Հաժժար անդրադարձած է Սուրիոյ հողերուն վրայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Բժիշկ Հաժժար շեշտած է, որ նման ոճիրները դատապարտելու իմաստով ցուցաբերուած միջազգային թուլութիւնը, ինչպէս նաեւ յանցագործները հաշուետւութեան չենթարկելը առիթ տուած են, որ այդ ոճիրները կրկնուին նոյն դահիճին եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած եւ զինուած ահաբեկիչներու կողմէ` սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ:

Կանխամտածուած այդ ոճիրները կ՛ընդարձակուին, ու Թուրքիա տակաւին կը մնայ բոլոր ժողովուրդներուն դէմ ծայրայեղական միտք եւ յարձակողական միտումներ դրսեւորողը:

Սուրիական հողերուն վրայ 1894-էն ի վեր մէկուկէս միլիոն հայերու դէմ իրականացուած է ցեղասպանութիւն, 1914-1918-ին 750 հազար ասորիներու դէմ Սէյֆոյի ջարդերը եւ 200 հազար սուրիացիներ ջարդուած են 1516-ին Հալէպի մէջ: Իսկ 2011-ին հազարաւոր սուրիացիներու դէմ գործադրուեցան նոյն ոճիրները:

«Մարդկային դիտանկիւնէն եւ միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն կը դիմենք` հաստատելով, որ պատմականօրէն օսմանցիներուն կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան ծրագիրը կը շարունակուի նոր-օսմանական կառավարութեան ձեռքով եւ մինչեւ օրս կ՛ընդգրկէ թուրանական միտքը:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ աւելի քան 24 պետութեան կողմէ եւ որակուեցաւ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւելի նպատակայարմար է, որ Սուրիոյ խորհրդարանը դատապարտէ այդ ջարդերն ու ցեղասպանութիւնը, որոնք գործուեցան սուրիական հողերուն վրայ»,-յայտարարած է երեսփոխան բժիշկ Սամիր Հաժժար:

http://www.yerakouyn.com/?p=128404

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ