Պատգամաւոր Նորա Արիսեան կ՛ողջունէ Սուրիոյ խորհրդարանի «Գաումի սուրի» կուսակցութեան` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պահանջքը

Փետրուարի 23-ին Սուրիոյ խորհրդարանի «Գաումի սուրի» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Սամիր Հաժժարին խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող պահանջքով: Այս առիթով կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանի հետ:

Տիկի՛ն Արիսեան, ինչպիսի՞ն եղած են Սուրիոյ խորհրդարանի քայլերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

– 2015 թուականին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմադ Ջիհադ Լահամիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն եւ ելոյթ ունեցաւ: Միաժամանակ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելու համար գումարեց յատուկ նիստ, որուն ընթացքին պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Նիստի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան շարք մը պատգամաւորներ:

– 2016 թուականի նստաշրջանին,  երբ դուք արդէն խորհրդարանի պատգամաւոր էիք, ի՞նչ նախաձեռնութիւններ եղան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:

– 2016-ի Յունիսին պատգամաւոր Նիտալ Հմետին պահանջեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ արդէն Դեկտեմբերին ես Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեամբ ելոյթ ունեցայ եւ ներկայացուցի ՄԱԿ-ի կողմէ Դեկտեմբեր 9-ին «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան, այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան» մասին հրապարակուած փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ 1948 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժի շուրջ համաձայնագիրը` Արտաքին գործոց նախարարէն պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը:

Աւելցնեմ, որ նոյն նիստին Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ալան Պաքըրը, միանալով իմ դիմումին, նոյնպէս պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Նշեմ նաեւ, որ 2016 թուականի Հոկտեմբերին դիմում ներկայացուցած եմ Խորհրդարան` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկելու մասին:

Տիկի՛ն Արիսեան, անդրադառնանք Սուրիոյ խորհրդարանի 2017 թուականի Փետրուար 23-ի նիստին:

–  Այդ օրը Սուրիայի խորհրդարանի անդամ, «Գաումի սուրի» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Սամիր Հաժժարը ելոյթ ունեցաւ եւ պահանջեց դատապարտել Սուրիոյ հողերուն վրայ Օսմանեան թուրանականութեան կողմէ իրականցուած կոտորածները: Հաժժարը անդրադարձաւ մարդկութեան դէմ  կատարուած ոճիրներուն, շեշտելով նման ոճիրները դատապարտելու միջազգային թուլութիւնը: Միաժամանակ ընդգծեց, որ յանցագործներու անպատիժ մնալը պատճառ դարձաւ, որ այդ ոճիրները նոյն իրականացնողին կողմէ կրկնուին արդէն Սուրիայի քաղաքացիներուն դէմ: Անպատիժ մնացած յանցագործները այսօր կը ֆինանսաւորուին Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան կողմէ` նիւթական միջոցներով եւ զէնքով:

Հաժժարը հաստատեց, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ բոլոր ժողովուրդներուն դէմ ծայրայեղական մտքի եւ թշնամական միտումներու քարոզիչը: «Սուիրիական հողերուն վրայ 1894 թուականէն ի վեր 1,5 միլիոն եւ աւելի հայերու դէմ իրականացուած է ցեղասպանութիւն: 1914-18 թուականներուն 750 հազար ասորիներ կոտորուեցան, 1916 թուականին Հալէպի մէջ 200 հազար սուրիացիներ սպաննուեցան: 2011 թուականին հազարաւոր սուրիացիներու դէմ կատարուեցան նոյն ոճիրները, որոնք վաղեմութիւն չեն ճանչնար: Մարդկային դիտանկիւնէ եւ միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէ կը դիմենք եւ կը հաստատենք, որ պատմականօրէն օսմանցիներու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան ծրագիրը կը շարունակուի նոր օսմանական կառավարութեան ձեռքով, եւ առ այսօր ունի թուրանական միտք: Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը ճանչցուած է աւելի քան 24 պետութեան կողմէ եւ որակուած որպէս Ցեղասպանութիւն: Այս ամէնը հաշուի առնելով` նպատակայարմար կը գտնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը եւս դատապարտէ այդ ջարդերն ու ցեղասպանութիւնը, որոնք կատարուած են իր հողերուն վրայ»,- իր ելոյթի ընթացքին ըսած էր Հաժժարը:

Տիկի՛ն Արիսեան, այս բոլոր քայլերէն ետք, որոնք տեղի կ՛ունենան 2015 թուականէն առ այսօր, ի՞նչի կարելի է սպասել:

– Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մշտապէս շրջանառութեան մէջ դնելը եւ պետական բարձր մակարդակի վրայ հնչեցնելը շատ կարեւոր հանագամանք է Սուրիոյ եւ Արաբական աշխարհի մէջ: Այդ պատճառով հարկաւոր է աշխատանք տանիլ ե՛ւ ճանաչման, ե՛ւ դատապարտման, ե՛ւ հատուցման ուղղութիւններով:

Լուսինէ Աբրահամեան

http://www.yerakouyn.com/?p=128189

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ