Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճոն իր` Elton John AIDS հիմնադրամի (EJAF) 25-ամեակին նուիրուած բարեգործական ճաշկերոյթին ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը: Հիմնադրամը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է` նշելով, որ հպարտ է ներկայացնելու «Խոստումը» ֆիլմը:
Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կը յայտնէ, որ երեկոյի ընթացքին Էլթըն Ճոն ըսած է. «Ոչինչ մոռցուած է, ատիկա այն է, ինչ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ»: Երեկոյի ընթացքին հանգանակուած է 7 միլիոն տոլար:
Աﬔրիկահայ գործարար, ﬕլիառատէր Քըրք Քըրքորեան «Խոստումը» ֆիլﬕ նկարահանման ծախսերը հոգացած է, որուն մասին յայտնի դարձած է անոր մահուան օրը:
http://www.yerakouyn.com/?p=128094
Leave a Reply