Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ժըմէյզէի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է երախտաշատ հայագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորագոյն հատորին` «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ» գիրքին ներկայացումը:
Ձեռնարկը սկսած է Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուցած է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը` անդրադառնալով անոր վաստակին` գիտական բերքին, մշակին, հաւաքականութեան մէջ անոր դերին եւ էութեան:
Դոկտ. Տագէսեան՝ խօսելով փրոֆ. Յովհաննէսեանի գիրքերուն մասին՝ ըսած է, թէ անոր առաջին հրապարակումները ընդհանրական ներկայացումներ էին եւ կարծիքներ, թէ ինք ալ կը փորձէր աւելի՛ ծանօթանալ, աւելի՛ խորանալ, աւելի շփուիլ եւ շաղուիլ հայ իրականութեան հետ: Այս հրապարակումներէն ետք, ըստ դոկտ. Տագէսեանին, Յովհաննէսեան կ՛անցնի խնդրայարոյց նիւթի մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` 1918-1920: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յանդուգն քայլերով իրապաշտօրէն ներկայացուցած է պատմական այս ժամանակաշրջանը, որմէ ետք, իր հետագայ հրապարակումներով ան անգլերէնով կը սկսի հայ եւ օտար զանգուածին, ինչպէս նաեւ գիտական միջավայրին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոլովոյթը: Դոկտ. Տագէսեան՝ շարունակելով ըսած է, թէ Աստուած դոկտ. Յովհաննէսեանին տուած է ատաղձը, որմէ ինք օգտուեր ու մշակեր է զայն, սակայն այս ատաղձը իր մէջ ցանուած է իր ծնողքէն: Ան իր ատաղձն ու շնորհները հաւաքականութեան կը ծառայեցնէ:
Ապա խօսք առած է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է «Թէքէեան» մշակութային միութեան անդամներուն, որոնք կազմակերպած են սոյն ձեռնարկը եւ առիթ ընծայած, որ անգամ մը եւս ան ներկայ գտնուի իր «սիրած Լիբանանը», որ «զինք հայացուցած է»: Փրոֆ. Յովհաննէսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուցած է, թէ իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հասած է Ամերիկա եւ ինք հոն ծնած է: Ան անդրադարձած է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս 20 տարեկանին մէկ տարեշրջան յաճախած է Հայ Ճեմարան` հայերէն սորվելու համար: Փրոֆ. Յովհաննէսեան անդրադարձած է 1999-էն սկսեալ UCLA-ի մէջ կազմակերպած 14 միջազգային գիտաժողովներուն, որոնք նուիրուած էին Օսմանեան կայսրութեան հայկական շրջաններուն, որոնց վերջին կամ նորագոյն հրապարակումն էր սոյն ձեռնարկին ցուցադրուած կամ ներկայացուած գիրքը, որ կը պատմէ ամէնէն ծայրամասը գտնուող հայկական շրջաններուն՝ Մուսա լերան, Տէօրթ Եոլի, (Չորք Մարզպան) եւ Քեսապի մասին:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան սահիկներու միջոցով ցոյց տուած է պատմական նկարներ աշխարհագրական դիրքերու, վայրերու, վանքերու, ֆետայական, հերոսական խումբերու, որոնց միջոցով ան ներկայացուց Տէօրթ Եոլը, Մուսա լեռն ու Քեսապի պատմութիւնը եւ անոնց բնակիչներուն տարած հերոսական, ինքնապաշտպանական պայքարները: Փրոֆ. Յովհաննէսեան ըսած, թէ Տէօրթ Եոլի, Մուսա լերան եւ Քեսապի ժողովուրդը կը նկատէ հերոսական ժողովուրդ, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան դիմեց:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան առաջին բաժինով ներկայացուցած է Տէօրթ Եոլը եւ Քեսապը, ապա հրաւիրած է իր դուստրը` Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանը, որ ներկայացնէ իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` իր եւ իր հօր այցելութիւնը դէպի հայկական պատմական վայրերը:
Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք՝ փրոֆ. Յովհաննէսեան շարունակած է իր ներկայացումը` խօսելով Մուսա լերան մասին:
Ապա, Յակոբ Գասարճեան, «Թէքէեան» մշակութային միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնած է փրոֆ. Յովհաննէսեանին:
Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Յովհաննէսեան մակագրած է իր նորագոյն գիրքը` «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ»:
http://www.yerakouyn.com/?p=127862
Leave a Reply