Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներառուի Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան մէջ

Երեքշաբշի, 21 փետրուար 2017-ին, Սուրիոյ խորհդրարանի գումարած նիստին, որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի՝ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ Սուրիոյ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին «Սուրիոյ պատմութեան» եւ «Օսմանեան կայսրութեան» առարկաները չեն ներառէր պատմական իրողութեան համապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերու վրայ եւ մաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «Սէյֆո»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեան պահանջեց, որ պատմական դէպքերու թեման գիտական եւ պատմական ձեւով ներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ:

Դոկտ. Արիսեան, նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին համագործակցութեան համաձայնագրին, որ տարիներէ ի վեր չէ վերաշխուժացած: Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, հաստատեց, որ «Պայմանագիրը մեծ առիթ է սուրիացի ուսանողներուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը տարբեր մասնագիտութիւններու 30 բուհական թոշակ կը տրամադրէր»:

Այս մասին կը յայտնէ Perio news:

http://horizonweekly.ca/news/details/99025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ