Աթէշեանի լիազօրութիւնները պիտի դադրեցուին. Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ մարտ 15

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, փետրուար 23-24ին տեղի ունեցան հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցէին կաթողիկոսի հրաւէրով Մայր Աթոռ ժամանած Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան երեք միաբան եպիսկոպոսներ՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքչեան եւ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան:

Փետրուար 23ի հանդիպումէն առաջ, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Գարեգին, Արամ եւ Սահակ սրբազանները այցելեցին Մայր Տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանին առջեւ միասնական աղօթք կատարեցին՝ Պոլսի դարաւոր պատրիարքական աթոռի պայծառութեան, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ պոլսահայ համայնքին մէջ խաղաղութեան ու համերաշխութեան վերահաստատման համար: Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած նաեւ Աթոռի հանգստեան կոչուած գահակալ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին համար, որ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ կը շարունակէ մնալ մշտական խնամքի տակ:

Երկօրեայ քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ եղաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան կեանքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, պատրիարքական ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացին շուրջ յառաջացած յուզումներուն ու տարակարծութիւններուն:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը սրբազան հայրերուն յորդորեց պատրիարքական աթոռի գերագոյն շահի գիտակցութեամբ՝ ամէն ջանք ի գործ դնել հոգեւորականներու միջեւ եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ փոխըմբռնման, հաշտութեան ու եղբայրասիրութեան ոգիի ամրապնդման համար: Գարեգին Բ. վեհափառի թելադրութիւնն էր փոխհասկացողութեամբ եւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ կանոններուն ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած կանոնական եւ աւանդական ընթացակարգերու պահպանութեամբ՝ լուծման առաջնորդել պատրիարքական ընտրութիւններու ամբողջ գործընթացը:

Մայր Աթոռը այս հանդիպումներուն մասին հրապարակեց յատուկ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ վերը շարադրուած տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք՝ կը յայտնէ.

«Ստեղծուած իրավիճակի եւ դրա հանգուցալուծման ուղիների վերաբերեալ սրբազան հայրերի կողմից Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տրուեցին անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ, ներկայացուած տեսակէտների շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կոստանդնուպոլսի Հայոց պատրիարքութեան միաբանները նաեւ առանձնաբար քննարկեցին պատրիարքութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Տեղի ունեցած հանդիպումների եւ քննարկումների արդիւնքում ձեռք բերուեց հետեւեալ ընդհանուր համաձայնութիւնը.

– Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի հրաւէրով Եկեղեցական համագումար ժողովը մինչեւ ս.թ. Մարտի 15ը կատարում է տեղապահի ընտրութիւնը: Տեղապահի ընտրութեամբ, ըստ եկեղեցու կանոնակարգի, դադարեցւում են պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի լիազօրութիւնները.

– Աթոռի միաբան եպիսկոպոսները հաւասար իրաւունք ունեն առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը տեղապահի ընտրութիւններին.

– Տեղապահի ընտրութիւնից յետոյ Կրօնական ժողովը ստեղծում է եկեղեցականներից եւ աշխարհականներից կազմուած յանձնաժողով՝ օրէնքով սահմանուած կարգով պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդից ընտրուած տեղապահին յանձնում-ընդունումը կազմակերպելու համար.

– Տեղապահի ընտրութիւնից յետոյ տասնօրեայ ժամկէտում կազմակերպւում են Նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւնները՝ պատրիարքութեան ընկալեալ ընթացակարգերի համաձայն: Նախաձեռնարկ մարմինը, իր հերթին, վեց ամսուայ ընթացքում, տեղապահի գլխաւորութեամբ, կազմակերպում է Կոստանդնուպոլսի Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը՝ ըստ գործող ընթացակարգերի։

– Նախաձեռնարկ մարմինը ամէնամսեայ հաշուետուութիւն է ներկայացնում Կրօնական ժողովին եւ հանրութեանը՝ ընտրութիւնների կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքների վերաբերեալ։

– Պատրիարքական ընտրութիւնները՝ վեցամսեայ ժամկէտում տեղի չունենալու պարագայում, Կրօնական ժողովի հրաւէրով պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումար ժողովը եւ համայնքային հաստատութիւնների ատենապետերի ժողովը իրենց վերապահուած լիազօրութիւնների շրջանակում դնում են տեղապահի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի վստահութեան քուէի հարցը։

– Նախաձեռնարկ մարմինը ընտրական շրջանում հաւասար պայմաններ է ապահովում պատրիարքական թեկնածուներին՝ իրենց ընտրական քարոզչութիւնը իրականացնելու համար:

Փետրուարի 24ին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Արամ արք. Աթէշեան, Գարեգին արք. Պեքչեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան հանդիպում ունեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներու հետ: Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլջեան, իբրեւ պատրիարքական թեկնածուներէն մէկը:

Ժողովի աւարտին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս իր գնահատանքը փոխանցեց Պոլսոյ միաբան եպիսկոպոսներուն՝ երկօրեայ ժողովներուն ընթացքին դրսեւորած յանձնառութեան համար՝ եղբայրական ոգիով եւ նախանձախնդրութեամբ պատրիարքութեան եւ պոլսահայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն համար: Կաթողիկոսը իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց պատրիարքութեան ուխտապահ եկեղեցականներու դասուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին՝ մաղթելով Մեծի պահոց նուիրական շրջանին ընդառաջ Աստուծոյ զօրակցութիւնը իրենց հաւատքի արթնութեան  եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի շինութեան համար։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ