Փետրուար 21-ին, Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ կայացաւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան համապարփակ առաջին կայքէջի ստեղծման շնորհանդէսը։ Կայքէջի համացանցային հասցէն է Armlands.com։
Կայքէջի գաղափարը յղացած է 9-ամեայ Արեգի Տաղլեանը, որ հայրենադարձ Յակոբ եւ Նայիրի Տաղլեաններու դուստրն է։ Արեգին այս գաղափարը առաջին անգամ իր մօր Նայիրի Մկրտիչեանին առաջարկած է 7 տարեկանին։ Նշենք, որ Նայիրի Մկրտիչեան հիմնադիրն է համացանցի Եռագոյն կայքէջին եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետն է։ Արեգիի ծնողաց արմատները Տարօնէն եւ Կիլիկիայէն են, իսկ ինք ծնած է Երեւան։ Արեգի կը յաճախէ Երեւանի «Եւրոպական վարժարան»ը եւ այս տարի կ՚աւարտէ չորրորդ դասարանը։ Արեգի սահուն կը խօսի արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, ինչպէս նաեւ անգլերէն եւ ռուսերէն։
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադառնալով նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին՝ ըսաւ. « «Եռագոյն» կայքի հիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը, Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ, կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքը: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերուն եւ տպագիր թերթերուն շտեմարանը»։ Նախարարը ընդգծեց, որ կայքի կայացման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու, ուսուցիչներու եւ մանկական թերթերու աջակցութիւնը։
Շնորհանդէսի ընթացքին կայքին կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը: Ան նշեց, որ կայքը կը ներառէ փոքրիկներու անկիւն (4-8 տարեկաններու համար), մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ, շտեմարան, խօսակցելու բաժին եւ այլն (9-16 տարեկաններու հտամար): «Արդէն սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կարծեմ Հայկաշխարհի «բնակիչներուն» առաւելաբար պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց ստեղծագործութիւնները, իրենց քաղաքներու, դպրոցներու եւ համայնքի մասին իրենց նախաձեռնութեամբ նկարահանուած նիւթերը: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժնին մէջ՝ երեխաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան առցանց իրարու հետ հաղորդակցելու»,- նշեց Ն. Մկրտիչեան:
Կայքին վերաբերեալ կարծիք յայտնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Տնօրէն Նարէ Միքայէլեանը, որ կարեւոր համարեց կայքի ստեղծման սքանչելի գաղափարը եւ հաւաստիացուց, որ Համազգայինը պատրաստակամ է համագործակցելու նախաձեռնող խումբին հետ՝ յատկապէս տրամադրելով Համազգայինի ստեղծած «Լալան ու Արան» ելեկտրոնային խաղը։
Յիշեցնենք, որ կայքը հասարակութեան հասանելի կ’ըլլայ 2017-ի սեպտեմբեր 21-ին։
http://horizonweekly.ca/news/details/99010
Leave a Reply