Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծի մասին ամէն ինչ

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».-«Կնքուած դուռը՝ ՀայաստանԹուրքիա սահմանի ապագան» խորագրեալ գիտաժողովի զեկոյցները նոյն խորագիրին տակ հաւաքուած են հատորի մը մէջ: Հրանդ Տինք հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ 2014ի նոյեմբեր ամսուն, «Անգարա» համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժինին մէջ կայացած գիտաժողովին, Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, ակադեմականներ, ուսումնասիրողներ մասնակցած եւ երկօրեայ նիստերով իրենց զեկոյցները ներկայացուցած էին:

Գիրքը կ՛ընդգրկէ գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած 26 զեկոյցները:

Ալթուղ Եըլմազի խմբագրութեամբ լոյս տեսած հատորին մէջ, բացի զեկոյցներէ, տեղ գտած են նաեւ Հրանդ Տինք հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինքի, «Անգարա» համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի Տնտեսագիտութեան բաժինի պետ Օնուր Էօզսոյի, Հրանդ Տինք հիմնարկի վարչութեան անդամ Ճենկիզ Աքթարի, քաղաքապետ Ժերար Լիպարիտեանի, ընկերաբան Նեշէ Էօզկենի, քաղաքագէտ Քեմալ Քիրիշճիի եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկի Հայկական բաժինի վարիչ Ռազմիկ Փանոսեանի ուղերձները:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ