Ուրբաթ, 10 փետրուարին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» խորագիրով մատենաշարի ԺԲ. հատորին շնորհահանդէսը:
Հատորին մէջ ներկայացուած են նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու վկայութիւնները, զորս հաւաքած է Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին վկայագրաղներէն Շաւարշ Միսաքեան:
Երուանդ Փամպուքեան արխիւային փաստաթուղթերու բազմահատոր այս ժողովածուին խմբագիրն է 2009էն ի վեր:
Մտաւորականին եւ անոր վաստակին մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան, որ այս առիթով Երուանդ Փամպուքեանին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի «Ճէյմզ Պրայս» ոսկի յուշամետալը եւ պատուոյ գիրը:
Asbarez.com
Leave a Reply