Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններէն առաջ համայնքին եւ պատրիարքութեան մէջ կը շարունակուի լարուածութիւնը:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան հրաժարական տուած է եւ բացայայտումներ ըրած պատրիարքութեան մէջ տեղի ունեցող իրավիճակին եւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին վերաբերեալ: Ան իր որոշման մէջ մեղադրած է Արամ սրբազանը եւ ըսած, որ հրաժարականին պատճառը փետրուար 13-ին տեղի ունեցած հոգեւոր խորհուրդի ժամանակ Աթէշեանի ցուցաբերած վարքն է: Ան նաեւ ըսած է, որ այս իրավիճակին մէջ չ՝ուզեր իր թեկնածութիւնը առաջադրել Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ կ՝ուզէ հեռանալ Սթամպուլէն:
Հարցին կը միջամտէ Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածինը: Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հրաւէրով՝ Պոլսոյ փոխպատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանն ու պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը մօտակայ օրերին ժամանելու են Էջմիածին:
Հարցին կ՝անդրադառնայ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը: Պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան՝ «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ մամուլի հրապարակումներէն եւ հեռատեսիլի հաղորդած լուրերէն տեղեկացած են Պոլսոյ պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին, որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն չեն ստացած պատրիարքարանէն: «Ընդհանուր առմամբ` արդէն իններորդ տարին է, որ պատրիարքի լուրջ առողջական խնդիրներուն պատճառով՝ կը ղեկավարուի փոխանորդի մակարդակով: Մեր ցանկութիւնն է, որ այս խնդիրը խաղաղ հանգուցալուծուի, եւ առաջիկային տեղի ունենայ պատրիարքական ընտրութիւն, եւ աթոռը այլեւս ունենայ իր արժանի գահակալը»,- ըսած է Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան: Ան նշած է, որ Տէր Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի բարձրացուցած խնդիրներէն իրենք տեղեակ չեն եղած:
Անդրադառնալով Պոլսոյ փոխպատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի ու պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի մօտակայ օրերուն Էջմիածին ժամանելու հարցին, թէ արդեօ՞ք Էջմիածինի մէջ պիտի կարենան խնդիրին լուծում տալ, Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան արձագանգած է. «Ինծի կը թուի` այո: Վեհափառ հայրապետի իմաստուն կարգադրութեամբ եւ մեր սրբազան հայրերու ողջամիտ խոհեմութեամբ՝ հնարաւոր է այս թնճուկը լուծել, որմէ պէտք է շահի թէ՛ պատրիարքարանը, թէ՛ հայոց եկեղեցին»:
http://www.yerakouyn.com/?p=127535
Leave a Reply