Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծ կը ներկայացուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արժանթինի խորհրդարանի անդամ Նիլտա Կարէ, ցեղասպանութիւններու կամ մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը ներկայացուցած է երկրի խորհրդարանին. այս մասին կը տեղեկացնէ «Փրենսա Արմէնիա» լրատու գործակալութիւնը:

Պատգամաւորը ըսած է, թէ օրինագիծը չի խոչընդոտեր արտայայտուելու ազատութիւնը, իսկ անոր նպատակն է պաշտպանել զոհերու իրաւունքները, պահպանել հասարակական կարգը եւ ազգային ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխել ատելութեան եւ բռնութեան տարածումը:

Օրինագիծը, որ հիմնուած է եւրոպական շարք մը երկիրներու օրէնսդրութեանց վրայ, կը նախատեսէ քրէական պատիժ սահմանել այն մարդոց դէմ, որոնք «հրապարակաւ կը ժխտեն, կը մեղմացնեն, կ՛արդարացնեն ցեղասպանութիւնները կամ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները, կամ նոյնիսկ՝ հաւանութիւն կու տան անոնց»:

«Խորհրդարանը, 2006ին օրէնք մը ընդունելով՝ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հետեւաբար, անիկա եւս ներառնուած է մեր առաջարկած օրինագիծին մէջ», ընդգծած է պատգամաւորը:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի վերջերս Արժանթին կատարած այցելութեան՝ Կարէ ըսած է. «Չե՛մ գիտեմ, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէ: Մէկ բան յստակ գիտեմ, որ Արժանթին ինքնիշխան պետութիւն է եւ խորհրդարանը երկրի իշխանութեան ներկայացուցիչներէն մէկն է»:

Յիշենք, որ Կարէ «Ճակատ յանուն յաղթանակի» կուսակցութեան փոխնախագահն է, իսկ նախապէս եղած է պաշտպանութեան եւ ապահովական հարցերու նախարար:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ