ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան մեկնաբանութիւն տուած է պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանի հրաժարականին եւ այդ առնչութեամբ հրապարակած յայտարարութեան վերաբերեալ:
Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» թերթին Աթէշեան տուած է մեկնաբանութիւններ. «Ես իսկապէս ցաւ ապրեցայ: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հետ մենք հոգեւոր եղբայրներ ենք: Իբրեւ Պոլսոյ մէջ գտնուող երկու եպիսկոպոս՝ ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին մեզի վիճակուած է պատրիարքարանի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու գործը: Եղբայրներուն միջեւ կրնան ըլլալ տարակարծութիւններ: Կրօնական ժողովի պարագային ալ կրնամ ըսել նոյնը: Ժողովին կրնան ծագիլ տարակարծութիւններ, սակայն այդ ամէնէն ետք պէտք է ընդունիլ քուէարկութեան արդիւնքը: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան լքեց մեր երէկուան ժողովը եւ առանց նոյնիսկ խորհրդակցելու ներկայացուց իր հրաժարականը՝ ի զարմանս բոլորին:
Տեսնենք, թէ յառաջիկայ օրերուն ինչ իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան», ըսած է Աթէշեան:
Սահակ եպս. Մաշալեան փետրուար 13ին յայտարարած է իր պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին՝ յայտնելով, որ այդ որոշման մեղաւորը պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանն է։ Ան հրապարակած է իր քայլերը մեկնաբանող նամակ մը՝ նշելով, որ հրաժարականի որոշումը կայացուցած Փետրուար 13ին կայացած Հոգեւոր խորհուրդի ժամանակ Աթէշեանի ցուցաբերած վարքին պատճառով։ Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ինք չի պատրաստուիր իր թեկնածութիւնը առաջադրելու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ պիտի հեռանայ Պոլիսէն:
Asbarez.com
Leave a Reply