Երբեմնի ծպտեալ հայը կ՛ուզէ 30 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի տնտեսութեան մէջ

Նայիրի Հոխիկեան

Թուրքիոյ Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքը 2015 թուականի թուրքքրտական բախումներուն պատճառով լուրջ վնասներ կրեց, անոր բնակիչներէն շատեր արտագաղթեցին, եւ կը խօսուի այդտեղէն մինչեւ 200 հազար մարդու հեռանալուն մասին:

Տիգրանակերտի աշխոյժ եւ գործարար հայերէն Մեհմետ Տեմիր եւս ժամանակին լքած է քաղաքը, այսօր հիմնականօրէն կ՛ապրի Զմիւռնիոյ եւ Պոլսոյ մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ արեւելեան շրջաններուն մէջ (Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը) նոյնիսկ ապրելու տարրական պայմանները չկան, իսկ ինք աշխատելու տարբերակ գտած է վերոնշեալ վայրերուն մէջ, հակառակ անոր որ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին արդէն 2 տարիէ ի վեր ճգնաժամը օրըստօրէ աւելի կը խորանայ:

52 տարեկան Մեհմետի հետ զրուցելու ընթացքին նախ կը ճշդենք, որ անոր նախնիները հրաշքով փրկուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ, յետոյ երկար տարիներ քրտական անունով ապրած են: Թէեւ այսօր ալ ան իր հայ ըլլալուն մասին հրապարակաւ չի խօսիր, սակայն շրջապատին մէջ բոլորը գիտեն Տեմիրներու գերդաստանի ծագումին մասին` Տեմիրճեաններ: Մեհմետ կը դժգոհի, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ոչ մէկ ձեւով կը փորձէ տէր կանգնիլ բնօրրանին մէջ ապրող հայերուն` զանոնք հիմնականօրէն նկատելով ստախօս կամ ոչ իսկական հայեր:

«Տիգրանակերտի մէջ հայկական գործող եկեղեցի մը կայ` Ս. Կիրակոսը, սակայն քահանայ չկայ: Հետաքրքրական է` եկեղեցի կայ, բայց քահանայ չկայ: Այնտեղ հայերը իրենց ինքնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արտայայտեն: Միայն  քարերո՞ւն պիտի նային: Մի՞թէ պիտի ըսեն, որ իմ մեծ հայրս 100 տարի առաջուան կոտորածներուն այստեղ եղած էր: Եթէ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը կազմող Տիգրանակերտ մայրաքաղաքին մէջ փորձենք հաշուել, բացայայտօրէն խօսող գոնէ 30 հայ չի գտնուիր: Ինչո՞ւ: Պէտք չէ հեռու երթալ, պատճառը նոյնինքն անտէր մնալու գիտակցութեան մէջ է», կը նշէ Մեհմետ Տեմիր` շեշտելով, որ նոյնիսկ այդ պարագային ինքնութեան վերադառնալու հոլովոյթը անկասելի դարձած է: Հարիւրաւոր մարդիկ կը բացայայտեն իրենց արմատները եւ կ՛երթան քաղաքապետարաններ` փոխելու իրենց ծագումին տուեալները:

Երբեմնի ծպտեալ հայրենակիցը 3 անգամ եկած է Հայաստան, նախ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, ծանօթացած է Ցեղասպանութեան փաստացի տուեալներուն, ապա հանդիպած է պետական ու հասարակական գործիչներուն հետ: Կը խոստովանի` քիչ մը կը նախանձի, որ իր հայրենակիցները կը խօսին սեփական պետութեան մասին, իսկ ինք չի կրնար նոյնը ընել: Ան կը պատմէ, որ Թուրքիոյ մէջ բանավէճերու ընթացքին յաճախ քիւրտերը կը մեղադրէր հայերուն թիկունքէն հարուածելու յանցանքով. «Ցեղասպանութեան ընթացքին հրաման տուողը թուրքերն էին, իսկ իրականացնողը ո՞վ եղած է: Քիւրտերը չե՞ն ջարդած: Ջարդա՛ծ են: Բարձրացուած է այն գաղափարը, որ հայերը սպաննողը դրախտ պիտի երթայ: Այդ հարցին մէջ, ի հարկէ, քիւրտերն ալ մեղաւոր են: Քիւրտերը հայերը ջարդող «համիտիէ» գունդերու շարքերուն մէջ եղած են, բայց հիմա քիւրտերը ներում կը հայցեն: Ջարդերուն մասնակիցներուն որդիներն ու թոռները եւս ներում կը հայցեն: «Հայրս ու մեծ հայրս անպատիւ բաներ կատարած են», կը խոստովանին անոնք: Որովհետեւ ատիկա իսկապէս դաւաճանութիւն էր»: Սակայն Թուրքիոյ մէջ ինքնաշարժներու արհեստագիտական սպասարկման մարզին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած հայ մասնագէտը վստահ է, որ պէտք է առջեւ նայիլ եւ թշնամութեան փոխարէն` փորձել այլ միջոցներով ճգնաժամերը յաղթահարել: «Քեզ կը յարգեն, եթէ տնտեսապէս զօրաւոր ես եւ քաղաքականապէս կայուն», կը շեշտէ Մեհմետ: Այդ առումով ան փափաք ունի Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ կատարելու իր լուման ունենալու յատկապէս թեթեւ արդիւնաբերութիւնը ոտքի կանգնեցնելու գործին մէջ:

«Թուրքիոյ մէջ խօսք չկայ զարգացած տնտեսութեան մասին, քանի մը քաղաքներու մէջ կան քանի մը մեծ գործարաններ, որոնք կ՛ապահովեն երկրին ամբողջ արտադրութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ համար քանի մը միլիոն տոլարը փոքր թիւ է գործարարութեան մէջ, ապա Հայաստանի պէս փոքր շուկայ ունեցող պետութեան համար, կը կարծեմ, 30 միլիոն տոլարը գրաւիչ կրնայ ըլլալ», կ՛ընդգծէ Մեհմետ Տեմիր:

Ան մտադիր է Հայաստանի մէջ հիւսուածեղէնի եւ կերպընկալէ ապրանքներու արտադրութիւն փորձել: Դրացի Թուրքիան եւ Իրանը այդ մարզին մէջ հսկաներ են, պահանջուած գործ է, հետեւաբար ինչո՞ւ Հայաստանը եւս չմիանայ: Ան կ՛ըսէ, թէ իրեն օգնութիւն պէտք չէ, միայն թոյլ տան այստեղ աշխատելու, գումարը բերելու, գործարանները հիմնելու եւ վերջապէս` աշխատանքը սկսելու: Նոյնիսկ հարկային արտօնութիւններու կարիք չունի, քանի որ պատրաստ արտադրանքը արտահանելու պայմանաւորուածութիւնները ունի եւրոպական շուկաներուն մէջ, իսկ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը իր կարգին լրացուցիչ կարելիութիւններ կ՛ապահովէ:

Ինչո՞ւ գործ բանալ Հայաստանի մէջ, որ փաստացի թշնամական յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ: Մեհմետ Տեմիր այս հարցումին կը պատասխանէ այլ հարցումով` իսկ կարծրատիպերը որքա՞ն ժամանակ պէտք է կառավարեն մեր կեանքը: «Ոչ մէկ գերպետութիւն կրնայ Հայաստանն ու Թուրքիան հաշտեցնել, եթէ ներսէն ճնշում չգործադրուի: Թուրքիան յանցանք գործած է, պէտք է տէր կանգնի իր արիւնոտ անցեալին, բայց ան այդ քայլին պիտի չդիմէ, այնքան ատեն որ երկրին ներսէն չեն ստիպած ատիկա ընել: Ես հայ եմ: Իմ պապերս հայեր եղած են, բայց այդ երկրին պատճառով զրկուած են ինքնութենէ: Ես հիմա գիտեմ իմ ինքնութիւնս: Ամէն պարագայի, ֆրանսացի, անգլիացի չեմ: Ես Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրած եմ, մեծ հայրս ալ այդտեղ ապրած է, մեծ հօրս մեծ հայրն ալ: Թերեւս ես անհաւատ եմ, սակայն միեւնոյնն է, հայ եմ: Ի հարկէ, մարդու կեանքին մէջ տնտեսութիւնը կարեւոր է, բայց ամէն ինչ դրամով չի վերջանար: Ինչպէս թրքական ասոյթը կ՛ըսէ` «Դրամը կարեւոր է, բայց ամէն ինչ չէ»:

«Հետք»

Պատրաստեց՝ Մարիա Արապաթլեան

http://www.yerakouyn.com/?p=126764

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ