Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի կարգավիճակը կը փոխուի

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ կարեւոր որոշում մը առաւ մեր համայնքին տեսակէտէն: Այսպէս, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի հերթական ժողովը: Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ ժողովին ընթացքին հաւանութիւն տրուած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին՝ որպէսզի Տատեան վարժարանի նախկին շէնքին կարգավիճակը փոխուի՝ իր տարածքով հանդերձ: Ցարդ բարենպատակ բնոյթի գործունէութեան համար վերապահուած այդ կալուածին կարգավիճակը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան եւ այդ մէկը վերածուեցաւ հասութաբերի: Վաքըֆներու խորհուրդը յարմար դատած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համապատասխան պահանջը:

Վաքըֆներու խորհուրդի այս որոշման կապակցութեամբ կապ հաստատեցինք Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի հետ: Ան յայտնեց, որ սա ողջունելի որոշում մըն է իրենց տեսակէտէն: Արդարեւ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի կարենայ նպատակասլաց ձեւով արժեւորել դպրոցի նախկին շէնքը: Ծանօթ է, որ միջոցէ մը ի վեր թաղային խորհուրդը արդէն որոնումներու մէջ էր՝ դպրոցի հին շէնքը վարձու տալու ուղղութեամբ: Այդ ծրագիրը կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Տատեան վարժարանի նոր համալիրի օգտագործման զուգահեռ, անհամեմատօրէն բարձրացած է Պաքըրգիւղի պիւտճէն: Թաղային խորհուրդը մեծ ջանքեր կը գործադրէ թաղի ելեւմտական կայունութիւնը երաշխաւորելու համար: Այս պայմաններուն մէջ, վարժարանի հին շէնքին վարձու տրուիլը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ Պաքըրգիւղի ընտանիքի ընթացիկ գործունէութեան բնականոնացման տեսանկիւնէն: Միջոց մը առաջ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի համապատասխան նախաձեռնութիւնները համայնքէն ներս յառաջացուցած էին բողոքի ալիք մը, սակայն այդ հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ կարելի չէր եղած համոզիչ պատասխան մը գտնել, թէ թաղային խորհուրդը ինչպէս պիտի կարենայ դիմագրաւել թաղի մը դպրոցին ծախսերը, առանց արժեւորելու կալուածները, ներառեալ դպրոցի հին շէնքը: Հարկ է յիշեցնել, որ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը դպրոցի հին շէնքը արժեւորելու մտադրութեան ծիրէն ներս կը դրսեւորէ լուրջ նախանձախնդրութիւն եւ սկզբունքօրէն կը խնայէ պատմական բաժինը: Վարձակալութեան համար նախատեսուած են մօտաւոր անցեալին այդ պատմական շէնքին վրայ աւելցուած բաժինները:

Մեսուտ Էօզտեմիր մեզի յայտնեց, որ հին շէնքի վարձակալութեան համար արդէն անհրաժեշտ էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հաւանութիւնը: Հետեւաբար, հիմա, որ կայ այդ անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը՝ թաղային խորհուրդն ալ պիտի կարենայ աւելի ինքնավստահ ձեւով շարունակել այդ որոնումները:

Միջանկեալ ձեւով յիշեցնենք, թէ Տատեան վարժարանի հին շէնքը արդէն գործնականօրէն վարձու էր միջոցէ մը ի վեր: Այդ մասին հրապարակումներ ալ եղած էին, նոյնիսկ գովազդներ տեղ գտած՝ համացանցային համապատասխան կայքերու վրայ: Ծանօթացման այս արշաւը տեղի տուած էր անհանգստութեան ալիքի մը: Կարգ մը նախկին շրջանաւարտներ վիրաւորական համարած էին երեւոյթը: Լայնախարիսխ գործելու սկզբունքով առաջնորդուած՝ թաղային խորհուրդը խորհրդակցական հանդիպում մըն ալ կազմակերպած էր՝ հին շէնքի արժեւորման աշխատանքներուն ծիրէն ներս:

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ