Հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA), Փետրուար 9-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման բողոքի լուռ ցոյցեր իրականացուց Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի աւելի քան 20 համալսարաններուն մէջ, համագործակցութեամբ ՀԵԴ–ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ՝ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ–ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Ուրացման արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ կայացած բողոքի ցոյցերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ միաժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ առաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ անոր մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը:
Ցոյցերուն զուգահեռ, համացանցային արշաւներ տեղի ունեցան ընկերային ցանցերու միջոցաւ՝ հետեւեալ հասցէներով.
#StainOfDenial,
#ArmenianGenocide
#DivestTurkey
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.all-asa.org կայքը։
http://www.yerakouyn.com/?p=126659
Leave a Reply