Ապրիլ 21-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ խորքային պատկեր ունեցող «The Promise» ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուելու Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններու, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի պատկերասրահներուն մէջ:
Հայ եւ ոչ-հայ ձեռքերու միացումով պատրաստուած ֆիլմը իրականացած է հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած՝ ժապաւէններու արտադրութեան «Survival Pictures» հիմնարկին կողմէ, գլխաւորաբար տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի ջանքերով: Ցեղասպանութեան օրերը գեղարուեստական ոճով պաստառ հանող գործ մըն է ասիկա, որ կը պատմէ 1914ին սկիզբ առած իրադարձութիւններու մասին, որոնց խորքին կը ներկայացուին Ցեղասպանութիւնն ու Օսմանեան կայսրութեան այդ օրերու դաժան մթնոլորտը: Այս ֆիլմը մաս կազմած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեանց եւ կը խոստանայ կարեւոր ներդրում ունենալ Հայ Դատի ճանաչողութեան ու դրական քարոզչութեան գործին մէջ:
Նշենք, որ ինչպէս Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող նմանօրինակ այլ ֆիլմեր, այս գործն ալ իրեն դէմ գտած է Թուրքիոյ խափանողի հակազդեցութիւնը, սակայն յաջողած է յաղթահարել զանոնք: Անոր ցուցադրութեան ու ցրուումի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Open Road Films» ընկերութիւնը: Անցեալ Հոկտեմբերին, ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի ժապաւէններու փառատօնին ընթացքին եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի:
ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն՝ կազմակերպութեանց, միութեանց, բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, հայկական թէ հանրային վարժարաններու աշակերտութեան եւ ծնողներուն, որ բացման օրն ու այնուհետեւ, մեծ թիւով ներկայ գտնուին ժապաւէնի ցուցադրութեան, ինչպէս նաեւ քաջալերեն իրենց ոչ-հայ բարեկամները՝ տեսնելու ֆիլմը, իբրեւ գործնական սատարում հայութեան նպաստ բերող այս գործին:
Խօսելով ֆիլմի ցուցադրութիւնը յաջողութեան հասցնող ճիգերուն մասին՝ առաջնորդ սրբազանը նշեց. «Սա հայերուս համար հպարտութեան առիթ մըն է, հպարտութեան առիթ պէտք է ըլլայ ամբո՛ղջ մարդկութեան համար, բոլո՛ր անոնց, որոնք կը գնահատեն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս ըսած է Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերը՝ «Որեւէ տեղ գործուած անարդարութիւն՝ սպառնալի՛ք մըն է արդարութեան դէմ, ամէնո՛ւր»»:
http://www.yerakouyn.com/?p=126480
Leave a Reply